ՀՅԴ արեւմտյան գործիչ, անվանի բժիշկ Վիգեն Հովսեփյանն անդրադառնալով Հայաստանում տեղի ունեցող հակաիշխանական գործընթացներին նշել է, որ սա նշանակում է՝ մարդկանց հույսը դեռ մեռած չէ: Նա նշել է, որ յուրաքանչյուրը պետք է նպաստի, որ ծնունդ առած այս շարժումն իր նպատակին ծառայի՝ առանց արյունահեղության:
«Մեր Յոյսը Ողջ է
Քանի օր է արդէն, ալեկոծած է ոչ միայն Երեւանը, այլ մեր հոգիներն ու ամբողջ հայկական աշխարհը: Շարժառիթը անշուշտ բողոքի նոր ալիքն է որ ծնունդ առաւ Երեւանի փողոցներէն, որուն արմատները` տարիներու վրայ երկարող ու կուտակուած ցասումն է, որ ապրած է հայ ժողովուրդը ի տես անարդարութիւններու եւ առհասարակ թերի քաղաքական ու ընկերա-տնտեսական ուղեգծերու:
Շարունակ երբ նիւթը Հայաստանէն արտագաղթն է, կամ սփիւռքի տարածքին ազգային օրակարգին հանդէպ զարգացող անտարբերութիւնը, ամենէն մեծ դժբախտութիւնը եղած է այն որ հայ մարդոց յո՛յսն է որ ցնդած ու ճզմուած է օրէ օր: Եւ ո՞վ չէ հասկցած թէ մեզի նման փոքր ազգի եւ համեստ ուժի տէր երկրի համար, յոյսը շունչ է, կեանքի աղբիւր է:
Հետեւաբար, այսօր Երեւանէն ծնունդ առած շարժումը վկայութիւնն է այն բանին, որ յոյսը մեռած չէ՛: Ընդհակառակն, այս առիթով մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ վերանորոգուող յոյսը, գուցէ ամենէն դրական զարգացումն է որուն վրայ պէտք է գուրգուրալ ու թռիչք տալ անոր: Այս յոյսն է, որ պիտի առաջնորդէ լաւին ու բարենորոգուածին:
Կանգնած ըլլանք իշխանական դիրքերու, թէ այս վերջիններէն պահանջողի խրամատներուն մէջ, եթէ ազգն ու հայրենիքն են մեր առաջնահերթութիւնները, այսօր իբրեւ հայեր մեզմէ իւրաքանչիւրիս պարտքն է ու պատասխանատւութիւնը` զարկ տալ յոյսի ալիքին, իւրացնել այդ ալիքը, եւ զայն վերածել բարենորոգումներու, հիմնական եւ համակարգային փոփոխութեան առիթի, որուն այնքան կարիքը ունի Հայաստանը եւ մենք բոլորս:
Այլ կերպ կարելի չէ,որովհետեւ անգամ մը եւս խեղդել յոյսի ալիքը, կը նշանակէ խեղդել մեր ապագան: Յոյսը յորդորներով կամ խարազանումով չի մշակուիր:
Ոչ ոք իրաւունքը ունի խեղթելու ժողովուրդի, եւ մանաւանդ երիտասարդութեան յոյսի թռիչքը, որ այսօր փողոց իջած է բարեփոխելու իր կեանքը, մե՛ր կեանքերը:
Այն ինչ ոմանց համար պիտի նկատուէր տագնապալի կացութիւն, պէտք է որ ընդունինք որպէս իւրայատուկ պատեհութիւն մը առաջնորդուելու եւ առաջնորդելու դէպի աւելի լաւը:
Կը մնայ ուրեմն, որ իւրաքանչիւրս իր կարողութեան սահմաններուն մէջ նպաստէ որ ծնունդ առած շարժումը իր տեղը հասնի առանց արիւնայեղութեան, եւ մեզ հասցնէ իրական, խորքային, եւ համակարգային բարեփոխութեան` յանուն ժողովրդավար եւ արդա՛ր կարգերով Հայաստանի, որը խարիսխն է եւ խթանը մեր ազգի հզօրութեան»,- Ֆեյսբուքի իր էջին գրել է անվանի բժիշկը: Նույնը նա գրել է նաեւ անգլերեն թարգմանությամբ: